2015-09-28 09:55:00

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական 10րդ Ճամբորդութիւնը` Աստուած Օրհնէ Ամերիկան։


(Ռատիօ Վատիկան) (Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլատելֆիայի օդակայանին մէջ կայացած Հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեամբ` վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Քուպա եւ Միացեալ նահանգներ կատարած առաքելական միջազգային 10-րդ ճամբորդութիւնը որ սկիզբ առած էր անցեալ 19 սեպտեմբերին հանգրուան կատարելով Քուպայի երեք թեմերու` Լա Հապանա, Հոլկին ու Սնաթիակօ տէ Քուպա եւ ապա Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք եւ Ֆիլատելֆիա` ուր Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց Ճամբորդութեան կեդրոնական առիթ հանդիսացող` Ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ 22-27 սեպտեմբեր Ֆիլատելֆիայի մէջ եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան քաղաքներէն  ու թեմերէն 2 միլիոնէ աւելի հաւատացեալներ։

Ֆիլատելֆիայի Պենժամին Ֆրանքլին հրապարակի վրայ մատուցած Ընտանիքներու համաշխարհային ութերորդ հաւաքի եզրափակիչ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Ֆիլատելֆիայի օդակայան ուր հանդիպում ունեցաւ Ընտանիքի Հաւաքի կազմակերպչական մարմնի անդամներուն ու բարերարներուն հետ ու անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ ըսաւ. ''Ամերիկա կեցութեան օրերս, ինծի համար մեծ շնորհքի օրեր եղան, յուսամ որ ձեզի ալ նոյնպէս թուի։ Մինչ  ձեզմէ հրաժեշտ կ՝առնեմ՝ մեկնելու համար ձեզի կը խօսիմ սիրտս լի երախտագիտութեամբ եւ յոյսի հոգիով։Երախտապարտ եմ ձեզի բոլորիդ եւ բոլոր անոնց որոնք անխոնջ կերպով աշխատեցան  կազմակերպելու համար ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։ Շնորհակալ եմ Ֆիլատելֆիա թեմի արքեպիսկոպոսին` գերայայծառ Չափութին ինչպէս նաեւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն , կազմակերպութիւններուն եւ անթիւ կամաւորնեrուն ու բարերարներուն որոնք նպաստեցին Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքի իրականացման համար''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալական խօսք ուղղեց ՝ ընտանիքի համաշխարհային հաւաքի մասնակցող ընտանիքներուն, ըսելով ''շնորհակալ եմ , ձեր հանրային վկայութիւններուն ու զանոնք բաժնեկցելուն համար։ Դիւրին չէ հանրութեան դիմաց  խօսիլ  ընտանիքներուն  յատուկ ծրագիրներուն մասին, բայց ձեր, Աստուծոյ դիմաց  անկեղծութիւնն ու խոնարհութիւնը, ցոյց տուաւ ընտանիքի կեանքի գեղեցկութիւնը իր բովանդակ գեղեցկութեամբ եւ ճշմարտութեամբ''։
Այս աղօթքի եւ մտածականի օրերը հայող ընտանիքի կարեւորութեան ի սպաս առողջ ընկերութեան, պիտի քաջալերեն ընտանիքները  շարունակելու եւ յանձնառումով գործելու ի սպաս սրբութեան,  ու Եկեղեցին նկատելու որպէս հաւատարիմ ուղեկից, որեւէ դժուարին պահուն։   
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յուզումով յիշեց Սուրբ Ժունիփերօ Սէրրայի Սրբադասման արարողութիւնը՝ որ կը խրախուսէ բոլորս ու կը յիշեցնէ թէ կանչուած ենք միսիոնարական առաքեալներ ըլլալու։ ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Ground Zero յուշահամալիրին մէջ միջ -կրօնային հանդիպումը, այն վայրը ուր չարի խորհուրդը  զօրեղ կերպով արտայայտուած է,  այն համոզումով սակայն որ, որ չարին երբեք չիյնար վերջին խօսքը եւ թէ Աստուծոյ Ողորմութեան ծրագիրին մէջ՝ Սէրն ու խաղաղութիւնը  յաղթական պիտի ըլլան բոլորին վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա, Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահէն խնդրեց որ Նախագահ Օպպամային եւ Քոնկրէսի անդամներուն  փոխանցէ իր երախտագիտութեան եւ գնահատանքի արտայայտութիւնը, ապահպվուելով  անոնց համար եւ բովանդակ Ամերկացի ժողվուրդին իր աղօթքը։ 
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ըսաւ ''Իմ անձիս հանդէպ ձեր ցուցաբերած ուշադրութիւնները ու  հիւրընկալութիւնը նշանն է Ձեր՝ Յիսուսի հանդէպ սիրոյ եւ Հաւատարմութեան։ Նոյնպէս նշան են աղքատներու, հիւանդներու, անօճախներու, ու գաղթականներու, հանդէպ ինչպէս նաեւ կեանքի պաշտպանութեան ու ընտանիքի նկատմամբ ցուցաբերուած սէրն ու մտահոգութիւնը։ Այս բոլորին մէջ  կը ճանչնաք Յիսուսի ներկայութիւնը։ 
Ան ապա շնորհակալական սրտաբուխ խօսք ուղղեց կամաւորներուն եւ բարերարներուն  ըսելով ''մինչ հրաժեշտ կ՝առնեմ  ձեզմէ բոլորէդ կը խդրեմ ՝  յատկապէս Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքի կամաւորներէն եւ բարերարներէն, որ թոյլ չի  տաք որ ձեր մէջ սպառի  Յիսուսի հանդէպ ձեր խանդաղատանքը , եկեղեցւոյ եւ մեր բոլոր ընտանիքներու համար, ինչպէս նաեւ ամենէն մեծ համարուած ընտանիքը ՝ ընկերութիւնը։ 
Թող որ միասին  անցուցած այս օրերը պտղաբեր ըլլան, եւ ուրիշներու հանդէպ մեր ունեցած վեհանձնութիւնն ու ուշադրութիւնը ըլլան հետեւողական։
Ինչպէս որ առատ ստացանք Աստուծմէ՝ անվճար պարգեւներ ոչ մէկ արժանիքով, այնպէս ալ ՝ անվճար պարգեւենք ուրիշներուն,  
Սիրելի բարեկամներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը Քրիստոսի մէջ ձեզ բոլորդ կ՛ողջագուրեմ եւ կը յանձնեմ Միացեալ Նահանգերու Պաշտպան Սրբուհի Անարատ Յղութեան Տիրամօր Հովանիին  Պիտի աղօթեմ ձեզի  եւ ձեր ընտանիքներուն համար,  կը խնդրեմ ձեզմէ հաճեցէք աղօթել ինծի համար ։ Աստուած օրհնէ բոլորդ եւ Օրհնէ Միացեալ Նահանգները։
Ընտանիքի հաւաքին կազմակերպիչ յանձնախումբի ու բարերարներու հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը, օդակայանի մէկ սրահին մէջ, առանձնական հանդիպում ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ` Տիար Ճօ Պայտընի ու անոր ընտանեկան պարագաներուն հետ ապա  տեղի ունեցաւ Հրաժեշտի Պաշտօնական արարողութիւնը հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն ու բարձրացաւ օդանաւ։ 
Տեղական ժամով 20-ին (Հռոմի ժամով 28 սեպտեմբերի 2-ին) Նորին Սրբութիւնը եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը փոխադրող սաւառնակը թռիչք առաւ ուղղուելով  դէպի Հռոմ ուր, 8 ժամ ճամբորդութենէ ետք, վայրէջք կատարեց Հռոմի Չամփինօ օդակայան` երկուշաբթի 28 սեպտեմբերի առաւօտեան 10-ին վերջ տալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միջազգային առաքելական 10-րդ ճամբորդութեան եւ որ կը հանդիսանայ Իտալիայէն դուրս Քահանայապետական 147-րդ ժամանակակից շրջանի միջազգային ճամբորդութիւն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.